Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն Լա Սալ ակումբին մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց տարիքային տարբեր դասակարգերու զտումի մրցումները:
Դասուած այս մարզիկները զտումի մրցումներուն մասնակցեցան, որպէսզի կազմուին Լիբանանի տարբեր տարիքային ազգային խումբերը:
15-17 տարեկան դասակարգին մէջ, իր ունեցած բացառիկ ելոյթներուն եւ տպաւորիչ խաղարկութեան շնորհիւ, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Լոռի Եահնէեան, որ անդամ է ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմին, մաս կազմեց Լիբանանի ազգային խումբին:
Կը շնորհաւորենք Լոռի Եահնէեանը` իր ձեռք ձգած այս նուաճումին համար:
Նշենք, որ Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբերուն մարզիչն է ՀՄԸՄ-ական Լարա Քեչեպաշեան: