Ռէալ Մատրիտի սպանացի յետսապահ Տանիէլ Քարվախալ վնասուածքի պատճառով մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, այս մասին յայտնեց սպանական հանրածանօթ օրաթերթերէն «Մարքա»-ն:
29 տարեկան Քարվախալ մկանային վնասուածք ստացաւ քանի մը օր առաջ, Չելսիի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի մրցումին:
Նախնական տուեալներով, անոր վերադարձը կ՛ակնկալուի յուլիսին:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ ընդամէնը կատարեց 15 մրցում եւ 4 էսիսթ:
Ան այս տարեշրջանի մեծ մասէն բացակայեցաւ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: