Երէկ` չորեքշաբթի, 28 ապրիլին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Պրուքլին Նեթց Թորոնթօ Ռեփթըրզի դաշտին վրայ 116-113 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ երկրորդ խումբը, որ ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը` արեւելեան շրջանէն:
Նշենք, որ արեւմտեան շրջանէն Եութա Ճեզ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը: