Մարզական

Արսէն Վենկեր. «Պենզեմա Պւտք Է  Մասնակցի Եւրօ-2020-ին»

Արսէն Վենկեր. «Պենզեմա Պւտք Է Մասնակցի Եւրօ-2020-ին»

Լոնտոնեան Արսենալի նախկին գլխաւոր մարզիչ Արսէն Վենկեր, նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, անդրադառնալով Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմային, ըսաւ, որ ան արժանի է իր մասնակցութիւնը բերելու Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի մրցաշարքին: «Պենզեմա պէտք է մասնակցի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ անոր ունեցած բացառիկ ելոյթները իր ակումբին հետ հպարտանքի առիթ մը կու տան արքայական ակումբէն բացի նաեւ բոլոր ֆրանսացիներուն:...

«Էն. Պի. Էյ.».  Նակեթց Պարտուեցաւ Լէյքըրզէն, Բայց Ապահովեց  Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

«Էն. Պի. Էյ.». Նակեթց Պարտուեցաւ Լէյքըրզէն, Բայց Ապահովեց Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Երէկ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, առանց վիրաւոր մարզիկ Լեպրոն Ճէյմսի, իր դաշտին վրայ 93-89 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցին: Նակեթցէն 30 կէտ նշանակեց Նիքոլա Եոքիչ, իսկ Լէյքըրզէն Անթոնի Տէյվիս 25 կէտ: Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Նակեթց ապահովեց փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 123-114...

Եուրի Ճորքայէֆ Տուաւ «ՖԻՖԱ- ի Հիմնադրամի  Ճամբար-Հայաստան 2021» Ծրագիրին Մեկնարկը

Եուրի Ճորքայէֆ Տուաւ «ՖԻՖԱ- ի Հիմնադրամի Ճամբար-Հայաստան 2021» Ծրագիրին Մեկնարկը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ ՖԻՖԱ-ի հիմնադրամին միասնաբար կազմակերպած «ՖԻՖԱ-ի հիմնադրամի Ճամբար-Հայաստան 2021» ծրագիրին: Հայաստանը ՖԻՖԱ-ի հիմնադրամին կողմէ ընտրուած է իբրեւ ծրագիրը իրականացնող առաջին երկիրը: Հիմնադրամի տնօրէնն է Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Եուրի Ճորքայէֆ, որ Երեւանի մէջ տուաւ ծրագիրին մեկնարկը: Ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի պիտի ունենայ...

Տաւուշի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արցախեան  Պատերազմներուն Զոհուածներու Յիշատակին  Նուիրուած Ֆութպոլի Յուշամրցաշարք Մը

Տաւուշի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արցախեան Պատերազմներուն Զոհուածներու Յիշատակին Նուիրուած Ֆութպոլի Յուշամրցաշարք Մը

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուած է Տաւուշի մարզ: Այս այցելութիւնը սկսած է Յաղթանակ համայնքէն, ուր Գիլոյեան հետեւած է Ջաւախք հայրենակցական միութեան նախաձեռնած` արցախեան պատերազմներու զոհուածներուն յիշատակին նուիրուած ֆութպոլի յուշամրցաշարքին աւարտականի մրցումին: Նախարարի տեղակալը, Տաւուշի մարզպետ Հայկ Ղալումեանի եւ շարք մը համայնքապետներու հետ քննարկած է մարզական հրատապ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր Մանչեսթըր Սիթի-Փարիզ Սեն Ժերմեն  Կիսաւարտականի Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Մանչեսթըր Սիթի-Փարիզ Սեն Ժերմեն Կիսաւարտականի Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 4 մայիսին, Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ զօրաւոր եւ հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Փարիզ Սեն Ժերմեն հիւրը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Սիթիի: Երթին, Ֆրանսայի մէջ փարիզեան կազմը կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը, ինչ որ քիչ մը դժուարացուց անոր առաքելութիւնը` աւարտականին հասնելու համար: Նշուեցաւ, որ նախորդ շաբաթավերջին Քիլիան Էմփափէ իր...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան Հանդիսացաւ Չորրորդ`  «Նիւ Ին Չես» Առցանց Մրցաշարքին

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Հանդիսացաւ Չորրորդ` «Նիւ Ին Չես» Առցանց Մրցաշարքին

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Նիւ Ին Չես» միջազգային առցանց մրցաշարքին, գրաւեց չորրորդ դիրքը: Այստեղ նշենք, որ Արոնեան ցարդ կը շարունակէ հանդէս գալ Հայաստանի դրօշին տակ, թէեւ ան որոշեց այսուհետեւ ելոյթ ունենալ Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբին հետ: Ճատրակի աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընի կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքի երրորդ դիրքի մրցումին, Արոնեան 4,5-2,5 արդիւնքով պարտուեցաւ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովէն:...

Հունգարական Ֆութպոլ.  Աբով Աւետիսեան` Կոլի Հեղինակ

Հունգարական Ֆութպոլ. Աբով Աւետիսեան` Կոլի Հեղինակ

Հունգարիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քիսվարտա-2, որ հիւրը եղաւ Մեզքիոքեւեշտ-2-ին, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի յետսապահ Աբով Աւետիսեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ յաղթական կազմին հետ, 66-րդ վայրկեանին գլուխով նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը: Նշենք, որ Աւետիսեան այս մրցումին մասնակցեցաւ իբրեւ խումբին խմբապետ: 19 տարեկան ֆութպոլիստը 19 մարտին Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին...

«Քալչիօ».  Ինթեր Միլան Հանդիսացաւ  Իտալիոյ Ֆութպոլի Ախոյեան

«Քալչիօ». Ինթեր Միլան Հանդիսացաւ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ախոյեան

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Ինթեր Միլան, որ ախոյեանութեան տիտղոսը ապահովեց աւարտէն չորս հանգրուան առաջ: Արդարեւ, 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ինթեր օգտուելով իր անմիջական մրցակիցին` Աթալանթայի արձանագրած հաւասարութենէն` Սասուոլոյի հետ (1-1), դարձաւ անհասանելի իր ետին գտնուող երեք կազմերու համար, որոնք այժմ ունին 69-ական կէտ: Յաղթելէ ետք Քրոթոնէի (2-0), Ինթեր իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 82 կէտ: Այսպիսով, Եուվենթուս 2012-էն...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Մանչեսթըր Եունայթըտ-Լիվըրփուլ Մրցումը  Յետաձգուեցաւ Անկարգութիւններու Պատճառով

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ-Լիվըրփուլ Մրցումը Յետաձգուեցաւ Անկարգութիւններու Պատճառով

Կիրակի, 2 մայիսին, Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ իրարու դէմ պիտի մրցէին Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Լիվըրփուլ: Սակայն այս մրցումը յետաձգուեցաւ անկարգութիւններու պատճառով: Անոր կայացման նոր թուականը պիտի յայտարարուի աւելի ուշ: Անիկա յետաձգուեցաւ, որովհետեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրները կատարեցին բողոքի ցոյց մը, բախում ունեցան ոստիկանութեան հետ եւ ներխուժեցին «Օլտ Թրեֆորտ»: Անոնք կը պահանջեն Մանչեսթըր Եունայթըտի...

Ռուսական Ֆութպոլ.  Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ  Հանդիսացաւ Ռուսիոյ Ախոյեան

Ռուսական Ֆութպոլ. Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ Հանդիսացաւ Ռուսիոյ Ախոյեան

Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, որ հիւրընկալեց Լոքոմոթիւ Մոսկուան, արձանագրեց 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Զենիթ ժամանակէն առաջ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 61 կէտ: Այսպիսով, մարզիչ Սերկէյ Սեմաքի գլխաւորած կազմը, ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, 9 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ նոյնինքն Լոքոմոթիւի վրայ: Զենիթ իր...

«Լա Լիկա».  Աթլեթիքօ Մատրիտ-Ռէալ Մատրիտ -Պարսելոնա  Պայքարը Կը Շարունակուի

«Լա Լիկա». Աթլեթիքօ Մատրիտ-Ռէալ Մատրիտ -Պարսելոնա Պայքարը Կը Շարունակուի

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն արձանագրուած արդիւնքները առաջին երեք դիրքերուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն չբերին` նկատի ունենալով, որ յաջորդաբար առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, յաղթանակներ արձանագրեցին: Մարքոս Լիորենթէի նշանակած կոլին շնորհիւ (23-րդ), Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Էլչէի դաշտէն: Ինչ կը վերաբերի Ռէալ Մատրիտին, անիկա 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Օսասունային:...

«Լիկ-1».  Մոնաքօ-Լիոն Մրցումը Աւարտեցաւ Զանգուածային Բախումով

«Լիկ-1». Մոնաքօ-Լիոն Մրցումը Աւարտեցաւ Զանգուածային Բախումով

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիլ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիսին: Այսպիսով անիկա իր ունեցած կէտի մը առաւելութիւնը պահեց երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմենի վրայ, որ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լանսին: Նէյմար (33-րդ) եւ Մարքինիոս (59-րդ) նշանակեցին մայրաքաղաքի կազմին` Սեն Ժերմենի կոլերը: Լիլ այժմ ունի 76...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Տարեշրջանի  Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Պէյրութ հանդիպումը: Հայկական երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով, որ այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` 60-49 արդիւնքով: Նշենք, որ այս պարտութիւնը Անդրանիկ Պէյրութի համար հանդիսացաւ տարեշրջանի երկրորդը:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ-Շանվիլ` 97-78

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ-Շանվիլ` 97-78

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Ռիատի Պէյրութ-Շանվիլ մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 97-78 արդիւնքով: Ռիատիէն 39 կէտ նշանակեց (ներառեալ 6 թրի փոյնթ) Ամիր Սէուտ, մինչ անոր խմբակից Հայկ Կէօքճեան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (11 կէտ, 14 ռիպաունտ): Իր կարգին, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Շանվիլէն Քարիմ Ազզէտտին (23 կէտ, 14 ռիպաունտ):...

Յովհաննէս Յովսէփեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի  Կռփամարտի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Յովհաննէս Յովսէփեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Կռփամարտի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Ներկայութեամբ Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Եուրի Զայցեւի, երէկ տեղի ունեցան Հայաստանի կռփամարտի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Մինչեւ քուէարկութիւնը, 4 թեկնածուներէն երկուքը յետս կոչեցին իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը: Հետեւաբար պայքարը ընթացաւ Իսրայէլ Յակոբկոխեանի եւ Յովհաննէս Յովսէփեանի միջեւ: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած 95 մասնակիցներէն 92-ը: Ֆետերասիոնի նոր նախագահ ընտրուեցաւ Յովհաննէս Յովսէփեան: Նոր նախագահը, ներկայացնելով կռփամարտի զարգացման իր ծրագիրը, շեշտեց, որ...

Կռփամարտ.  Էրիկ Բազինեան Իր Յաջորդ Մրցումը  Պիտի Կատարէ 4 Յունիսին

Կռփամարտ. Էրիկ Բազինեան Իր Յաջորդ Մրցումը Պիտի Կատարէ 4 Յունիսին

Քանատահայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Էրիկ Բազինեան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 4 յունիսին, Մեքսիքայի մէջ: Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ 34 տարեկան ամերիկացի Սքոթ Սիկմըն: Բազինեան պիտի պաշտպանէ «Տապըլիու. Պի. Էյ.»-ի վարկածով իր ախոյեանական գօտին, ինչպէս նաեւ պիտի փորձէ տիրանալ «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի վարկածով Հիւսիսային Ամերիկայի ախոյեանական գօտիին: Անոր մրցակիցը` Սիկմըն, արհեստավարժ ռինկի վրայ 2008-էն ի վեր ցարդ կատարած է 50 մենամարտ`...

Խրուաթիա- Հայաստան Ֆութպոլի  Բարեկամական Մրցումը` 1 Յունիսին

Խրուաթիա- Հայաստան Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումը` 1 Յունիսին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ յստակացաւ Խրուաթիա-Հայաստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին վայրն ու թուականը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 1 յունիսին, Վելիքա Կորիցա քաղաքին մէջ գտնուող մարզադաշտին մէջ: Աշխարհի գործող փոխախոյեանը, այս մարզադաշտին վրայ պիտի կատարէ իր առաջին պաշտօնական մրցումը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով): Նշուեցաւ, որ այս մրցումէն...

4-6 Մայիսին.  Հայաստանի Ֆութպոլի 17 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Պիտի Կատարէ

4-6 Մայիսին. Հայաստանի Ֆութպոլի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը 4-6 մայիսին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մհեր Միրումեան 25 ֆութպոլիստներ նկատի առաւ այս հաւաքին: Նշուեցաւ, որ հաւաքին վերջին օրը` 6 մայիսին, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը պիտի կատարէ երկկողմանի մրցում մը:

Էդուարդ Մարգարով Աշխատանքի  Անցաւ Նոայի Հետ

Էդուարդ Մարգարով Աշխատանքի Անցաւ Նոայի Հետ

«Արարատ-73»-ի անցեալի անուանի յառաջապահ Էդուարդ Մարգարով (78 տարեկան) աշխատանքի անցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր եւ փոխախոյեան Նոա Երեւանի հետ եւ պիտի կատարէ ակումբի նախագահի խորհրդականի պարտականութիւնները, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: «Պատիւ ունինք յայտարարելու, որ այսուհետեւ փորձառու եւ մասնագիտական խորհուրդներով մեր նախագահին պիտի օգնէ անցեալի անուանի ֆութպոլիստ, վաստակաւոր վարպետ, վաստակաւոր մարզիչ` Էդուարդ Մարգարով, որ պիտի ըլլայ խորհրդատու: Նշենք, որ...

Մեսսի Իր Պայմանագրութիւնը  Պիտի Երկարաձգէ Պարսելոնայի Հետ

Մեսսի Իր Պայմանագրութիւնը Պիտի Երկարաձգէ Պարսելոնայի Հետ

«Սփորթ Սքայ Իտալիա» կը յայտնէ, որ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի մօտ է իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու իր ակումբին` քաթալոնական Պարսելոնայի հետ: Նշուեցաւ, որ Պարսա անոր պիտի առաջարկէ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, մինչ Մեսսի պիտի պատրաստէ աշխատավարձի 50 տոկոս կրճատման: Լիոնել Մեսսիի աշխատավարձի խնայողութիւնները կրնան օգնել Պարսելոնային, որպէսզի անիկա կարենայ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտի ստորագրութիւնը ձեռք ձգել: Ըստ սպանական մամուլին, ան...

Page 510 of 1279 1 … 509 510 511 … 1,279

Արխիւներ