Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, երկրին ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող ֆութպոլի ակումբներէն Մարսէյ մտադիր է արհեստավարժ պայմանագրութիւն մը առաջարկել իր ֆութպոլիստին` Մանուէլ Նազարէթեանին:
Նշուեցաւ, որ բերդապահ Նազարէթեան, որ հանդէս կու գայ Մարսէյի երկրորդ խումբին հետ, շուտով կրնայ միանալ Մարսէյի հիմնական կազմին, այսինքն ելոյթ ունենալ Ա. դասակարգին («Լիկ-1») մէջ: