Արժանթինի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մէկ մրցումին, Տեփորթիւօ Արմենիոյի ֆութպոլիստները Քոլեխիալեսի դէմ իրենց մրցումը կատարեցին Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին նուիրուած մարզաշապիկ հագած:
Մարզաշապիկներուն վրայ զետեղուած էին Հայաստանի դրօշին գոյներով բռունցք, Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող անմոռուկ եւ 106 թիւը:
Ֆութպոլիստներու անուններուն փոխարէն գրուած էր «Արմենիա», իսկ ներսի բաժինին մէջ` Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ Տեփորթիւոյի յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Անիկա այժմ կը գտնուի դասաւորման 13-րդ դիրքին վրայ: