Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Ռիատի Պէյրութ-Շանվիլ մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 97-78 արդիւնքով:
Ռիատիէն 39 կէտ նշանակեց (ներառեալ 6 թրի փոյնթ) Ամիր Սէուտ, մինչ անոր խմբակից Հայկ Կէօքճեան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (11 կէտ, 14 ռիպաունտ):
Իր կարգին, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Շանվիլէն Քարիմ Ազզէտտին (23 կէտ, 14 ռիպաունտ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Ռիատի 15 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:
Նշենք, որ 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները կը սկսին չորեքշաբթի, 5 մայիսին: