Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, որ հիւրընկալեց Լոքոմոթիւ Մոսկուան, արձանագրեց 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Զենիթ ժամանակէն առաջ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 61 կէտ:
Այսպիսով, մարզիչ Սերկէյ Սեմաքի գլխաւորած կազմը, ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, 9 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ նոյնինքն Լոքոմոթիւի վրայ:
Զենիթ իր պատմութեան մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Ռուսիոյ ախոյեան (2007, 2010, 2011-2012, 2014-2015, 2018-2019, 2019-2020, 2020-2021):
Ինչ կը վերաբերի Սեմաքի, ան հանդիսացաւ առաջին մարզիչը, որուն հետ Զենիթ երեք անգամ հանդիսացաւ ախոյեան: