Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Ինթեր Միլան, որ ախոյեանութեան տիտղոսը ապահովեց աւարտէն չորս հանգրուան առաջ:
Արդարեւ, 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ինթեր օգտուելով իր անմիջական մրցակիցին` Աթալանթայի արձանագրած հաւասարութենէն` Սասուոլոյի հետ (1-1), դարձաւ անհասանելի իր ետին գտնուող երեք կազմերու համար, որոնք այժմ ունին 69-ական կէտ:
Յաղթելէ ետք Քրոթոնէի (2-0), Ինթեր իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 82 կէտ:
Այսպիսով, Եուվենթուս 2012-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով չի յաջողիր ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալ: Եուվէ, որ վերջին 9 տարեշրջաններուն հանդիսացած է ախոյեան, ընդամէնը տիտղոսին տիրացած է 36 անգամ:
Ինթեր Միլան, որ վերջին անգամ ախոյեան հանդիսացաւ 2009-2010 տարեշրջանին, ընդամէնը տիտղոսակիր դարձած է 19 անգամ:
Իսկ երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ա. Սէ. Միլան, որ ախոյեան հանդիսացած է 18 անգամ:
Նշենք, որ իրենց կազմին ախոյեան հռչակուելուն առիթով Ինթեր Միլանի տասնեակ հազարաւոր համակիրները ճամբայ իջնելով տօնախմբութիւններ կատարեցին: