Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուած է Տաւուշի մարզ:
Այս այցելութիւնը սկսած է Յաղթանակ համայնքէն, ուր Գիլոյեան հետեւած է Ջաւախք հայրենակցական միութեան նախաձեռնած` արցախեան պատերազմներու զոհուածներուն յիշատակին նուիրուած ֆութպոլի յուշամրցաշարքին աւարտականի մրցումին:
Նախարարի տեղակալը, Տաւուշի մարզպետ Հայկ Ղալումեանի եւ շարք մը համայնքապետներու հետ քննարկած է մարզական հրատապ հարցեր, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցներու առկայ խնդիրներն ու անոնց լուծման վերաբերող հարցեր: