Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ յստակացաւ Խրուաթիա-Հայաստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին վայրն ու թուականը:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ 1 յունիսին, Վելիքա Կորիցա քաղաքին մէջ գտնուող մարզադաշտին մէջ:
Աշխարհի գործող փոխախոյեանը, այս մարզադաշտին վրայ պիտի կատարէ իր առաջին պաշտօնական մրցումը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):
Նշուեցաւ, որ այս մրցումէն չորս օր ետք, հայրենի կազմը պիտի կատարէ բարեկամական այլ մրցում մը, այս անգամ` Շուէտի դէմ. անիկա տեղի պիտի ունենայ Սթոքհոլմի մէջ (22:45-ին):