Կիրակի, 2 մայիսին, Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ իրարու դէմ պիտի մրցէին Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Լիվըրփուլ:
Սակայն այս մրցումը յետաձգուեցաւ անկարգութիւններու պատճառով:
Անոր կայացման նոր թուականը պիտի յայտարարուի աւելի ուշ:
Անիկա յետաձգուեցաւ, որովհետեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրները կատարեցին բողոքի ցոյց մը, բախում ունեցան ոստիկանութեան հետ եւ ներխուժեցին «Օլտ Թրեֆորտ»:
Անոնք կը պահանջեն Մանչեսթըր Եունայթըտի սեփականատէր Կլէյզըրներու ընտանիքին հրաժարականը: