Հունգարիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քիսվարտա-2, որ հիւրը եղաւ Մեզքիոքեւեշտ-2-ին, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի յետսապահ Աբով Աւետիսեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ յաղթական կազմին հետ, 66-րդ վայրկեանին գլուխով նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Նշենք, որ Աւետիսեան այս մրցումին մասնակցեցաւ իբրեւ խումբին խմբապետ:
19 տարեկան ֆութպոլիստը 19 մարտին Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին հետ մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, որմէ ետք իր մասնակցութիւնը բերաւ Պիելոռուսիոյ դէմ կատարուած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին: