Քանատահայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Էրիկ Բազինեան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 4 յունիսին, Մեքսիքայի մէջ: Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ 34 տարեկան ամերիկացի Սքոթ Սիկմըն:
Բազինեան պիտի պաշտպանէ «Տապըլիու. Պի. Էյ.»-ի վարկածով իր ախոյեանական գօտին, ինչպէս նաեւ պիտի փորձէ տիրանալ «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի վարկածով Հիւսիսային Ամերիկայի ախոյեանական գօտիին:
Անոր մրցակիցը` Սիկմըն, արհեստավարժ ռինկի վրայ 2008-էն ի վեր ցարդ կատարած է 50 մենամարտ` արձանագրելով 35 յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն եւ կրելով 14 պարտութիւն:
Նշենք, որ Բազինեան ներկայիս իր քաշային կարգին մէջ «Տապըլիու. Պի. Օ.»-ի վարկածով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, «Տապըլիու. Պի. Էյ.»-ի վարկածով` 9-րդ դիրքը, իսկ «Այ. Պի. Էֆ.»-ի վարկածով` 15-րդ դիրքը: