«Սփորթ Սքայ Իտալիա» կը յայտնէ, որ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի մօտ է իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու իր ակումբին` քաթալոնական Պարսելոնայի հետ:
Նշուեցաւ, որ Պարսա անոր պիտի առաջարկէ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, մինչ Մեսսի պիտի պատրաստէ աշխատավարձի 50 տոկոս կրճատման:
Լիոնել Մեսսիի աշխատավարձի խնայողութիւնները կրնան օգնել Պարսելոնային, որպէսզի անիկա կարենայ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտի ստորագրութիւնը ձեռք ձգել:
Ըստ սպանական մամուլին, ան Պարսելոնայի հետ իր երկու տարուան պայմանագրութիւնը աւարտելէ ետք, պիտի միանայ Ինթեր Մայեմիին, որուն սեփականատէրն է անգլիացի Տէյվիտ Պեքհամ:
Ամերիկեան ակումբին հետ ան դարձեալ իրեն խմբակից պիտի ունենայ Լուիս Սուարեզը: