Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Նիւ Ին Չես» միջազգային առցանց մրցաշարքին, գրաւեց չորրորդ դիրքը:
Այստեղ նշենք, որ Արոնեան ցարդ կը շարունակէ հանդէս գալ Հայաստանի դրօշին տակ, թէեւ ան որոշեց այսուհետեւ ելոյթ ունենալ Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբին հետ:
Ճատրակի աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընի կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքի երրորդ դիրքի մրցումին, Արոնեան 4,5-2,5 արդիւնքով պարտուեցաւ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովէն:
Տիտղոսակիր դարձաւ նոյնինքն մրցաշարքին կազմակերպիչը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 ճատրակ խաղացողներ: