Ներկայութեամբ Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Եուրի Զայցեւի, երէկ տեղի ունեցան Հայաստանի կռփամարտի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Մինչեւ քուէարկութիւնը, 4 թեկնածուներէն երկուքը յետս կոչեցին իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը:
Հետեւաբար պայքարը ընթացաւ Իսրայէլ Յակոբկոխեանի եւ Յովհաննէս Յովսէփեանի միջեւ:
Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած 95 մասնակիցներէն 92-ը:
Ֆետերասիոնի նոր նախագահ ընտրուեցաւ Յովհաննէս Յովսէփեան:
Նոր նախագահը, ներկայացնելով կռփամարտի զարգացման իր ծրագիրը, շեշտեց, որ հայկական կռփամարտը պէտք է բարձրանայ միջազգային նոր մակարդակի: