Երէկ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, առանց վիրաւոր մարզիկ Լեպրոն Ճէյմսի, իր դաշտին վրայ 93-89 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցին:
Նակեթցէն 30 կէտ նշանակեց Նիքոլա Եոքիչ, իսկ Լէյքըրզէն Անթոնի Տէյվիս 25 կէտ:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Նակեթց ապահովեց փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 123-114 արդիւնքով պարտուեցաւ Աթլանթա Հոքսէն:
Այսպիսով, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն, Պրուքլին Նեթցէն, Միլուոքի Պաքսէն, Եութա Ճեզէն, Ֆէոնիքս Սանզէն եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն ետք Նակեթց հանդիսացաւ 7-րդ խումբը, որ ապահովեց փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Սթեֆըն Քարիի նշանակած 41 կէտերը մեծապէս նպաստեցին, որ անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 123-108 արդիւնքով յաղթական վերադառնայ Նիւ Օրլինզի դաշտէն:



