«Եւրօ-2020». Արսէն Զախարեան Ընդգրկուեցաւ Ռուսիոյ Ֆութպոլի Հաւաքականի Ընդլայնուած Կազմին Մէջ
Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Սթանիսլաւ Չերչեսով հրապարակեց իր խումբին ընդլայնուած կազմը` «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն մասնակցելու համար, այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 30 ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ նկատի առնուած է նաեւ Տինամօ Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ երիտասարդական խումբի 17 տարեկան միջնապահ Արսէն Զախարեան: Ռուսիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան, Զախարեան Տինամոյի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 12 մրցումի` նշանակելով...




















