Երէկ` երեքշաբթի, 11 մայիսին, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կատարուեցան երկու հանդիպումներ:
Փիւնիկ, որ հիւրընկալեց Արարատ Արմենիան, անոր հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Իսկ Ուրարտու, որ հիւրընկալեց Վանը, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այս հանգրուանէն ետք, բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը 38 կէտով կը գրաւէ Նոա:
Երկրորդ դիրքը 37 կէտով կը գրաւէ Ալաշկերտ, մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Արարատ` 36 կէտով:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան: