Իտալիոյ ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Ինթեր Միլանի նախագահ Սթիւըն Զհանկ ակումբին ֆութպոլիստներէն խնդրեց հրաժարիլ իրենց երկու ամսուան աշխատավարձէն, այս մասին հաղորդեց «Սքայ Սփոր Իտալիա»:
«Քորոնա» ժահրին պատճառով Ինթեր Միլան ունի զգալի նիւթական կորուստներ, որոնց պատճառով ղեկավարութիւնը որոշեց դիմել իտալացի Անթոնիօ Քոնթէի գլխաւորած խումբին խաղացողներուն:
Ակումբին նախագահը հանդիպեցաւ ֆութպոլիստներուն հետ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի տայ իր անձնական որոշումը եւ զայն յայտնէ ակումբին ղեկավարութիւն:
Նշենք, որ նախապէս ակումբին գլխաւոր տնօրէնը` Ճիուզեփփէ Մարոթթա հերքած էր այն լուրերը, ըստ որոնց, Ինթեր Միլան իր ֆութպոլիստներէն խնդրած էր հրաժարիլ ախոյեանութեան համար նախատեսուած պարգեւավճարէն: