Երէկ` երկուշաբթի, 10 մայիսին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները:
Ռիատի Պէյրութ եւ Պէյրութ յաջողեցան յաղթանակներ արձանագրել` յաջորդաբար Սաժես Պէյրութի եւ Անիպալ Զահլէի դէմ:
Առաջինը իր յաղթանակը արձանագրեց` 94-64 արդիւնքով, մինչ Պէյրութ` 82-59 արդիւնքով:
Նշենք, որ 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ Զահլէի մէջ հիւրը եղաւ Անիպալ Զահլէին, արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, 85-67 արդիւնքով (17-13, 33-38, 52-54 եւ 67-85):
Ինչպէս նկատելի է, առաջին երեք քորթըրներուն, պայքարը ընթացաւ գրեթէ հաւասար եւ բաւական սուր ձեւով: Չորրորդ եւ վերջին քորթըրն էր, որ սակայն եղաւ անկիւնադարձային, երբ ՀՄԸՄ նշանակեց 31 կէտ, մինչ հիւրընկալ կազմը` 15 կէտ:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ 85-67 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ Զահլէէն` արձանագրելով տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց ՀՄԸՄ-էն Պասել Թաքիէտտին (23 կէտ), մինչ անոր խմբակից Քարիմ Ժատայէլ նշանակեց 19 կէտ: