Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Մարզական Առցանց Ա. Համագումարը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Մայիս 10, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ընթացք առաւ համա-ՀՄԸՄ-ական մարզական առցանց Ա. համագումարը, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ մարզական յանձնախումբին: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին միութեան 22 շրջաններէն, ինչպէս նաեւ Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն ներկայացուցիչներ, կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, հիւրեր, ընդամէնը` 94 մասնակիցներ:

Համագումարին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով եւ համագումարի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտ Քիլիճեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ նկատել տուաւ, որ մարզական այս համագումարը պարտականութիւն ունի նախապէս շրջաններու կողմէ ամբողջացուած հարցախոյզներու հիմամբ քննարկելու միութեան մարզական կեանքին ընդհանուր իրավիճակը, դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւնները եւ ապագայի զարգացման հեռանկարները, յատկապէս համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերէն տարի մը առաջ:

Ապա, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Վաչէ Նաճարեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ իւրայատուկ է այս համագումարը, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ համա-ՀՄԸՄ-ական մակարդակի վրայ նման հաւաքով մը առիթը կը ստեղծուի մասնագիտական մօտեցումով քննելու միութեան մարզական թեւը յուզող հարցերն ու դժուարութիւնները: Այս համագումարը նաեւ իւրայատուկ է, որովհետեւ ան տեղի կ’ունենայ առցանց, հակառակ «Քորոնա» համաճարակի ստեղծած դժուարութիւններուն, ինչ որ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է մարզական կեանքին վրայ, ՀՄԸՄ-ի մէջ թէ դուրսը:

Շարունակելով, Նաճարեան նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ի պարագային առցանց գործունէութեան մարտահրաւէրը միայն ֆիզիքական դաստիարակութեան հետ կապուած չէ, այլ ունի ազգային եւ միութենական անդրադարձներ, որոնց հետեւանքները կրնան կրել յաջորդող սերունդները, եթէ չկարենանք լուծումներ գտնել այդ մարտահրաւէրներուն:

Ապա, համագումարին աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթելով, Նաճարեան նկատել տուաւ, որ համագումարը պատգամ մը կ’ուղղէ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն եւ ամբողջ աշխարհին, թէ միութեան գաղափարաբանութիւնը եւ գործունէութիւնը կը պատշաճին ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ կրնան տեւաբար աշխատանքի նոր ձեւեր գտնել, որպէսզի ՀՄԸՄ շարունակէ ծառայել եւ իր ազգային գաղափարները տարածել:

Խօսքին աւարտին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը հանդէս եկաւ առաջարկով մը` հաստատելու «Հայ մարզիկի օր», որպէսզի ՀՄԸՄ այսուհետեւ ամէն տարի յատուկ շուքով նշէ մարզական իր փառքը կերտած սերունդները, յաղթանակները եւ պատուէ անցեալի ու ներկայի փայլուն մարզիկները, որոնք իրենց առաւելագոյնը ներկայացուցած են եւ կը ներկայացնեն միութեան ճամբով հայութեան անունը բարձր պահելու համար:

Կեդրոնական վարչութեան խօսքին յաջորդեց միութեան մարզական կեանքին պատմականը ներկայացնող տեսանիւթը, որ ընդհանուր ակնարկով մը ծանօթացուց հայ մարզական կեանքին գլխաւոր հանգրուանները` նախաեղեռնեան օրերէն մինչեւ ՀՄԸՄ-ի ծնունդ, ՀՄԸՄ-ի Պոլսոյ եւ անկախ Հայաստանի մարզական գործունէութիւն, ապա` սփիւռքեան օրեր, հասնելով մինչեւ մեր օրերու իրագործումներ եւ համա-ՀՄԸՄ-ական նախաձեռնութիւններ:

Այս առիթով, տեսակապով համագումարի մասնակիցներուն իրենց ողջոյնի եւ խրախուսանքի խօսքերը ուղղեցին միութեան մարզական կեանքին մէջ իրենց յատուկ դրոշմը ձգած վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներ Արա Յակոբեան, Սելլա Թնճուկեան եւ Հրաչ Սիսեռեան:

Այնուհետեւ վերջ գտաւ համագումարին պաշտօնական բաժինը, որ ուղղակի սփռուեցաւ ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջով (կարելի է զայն տեսնել հետեւեալ կապով` www.facebook.com/MyHomenetmen): Կարճ դադարէ մը ետք, համագումարը իր աշխատանքներուն սկսելով, երկրորդ նիստով քննարկեց միութեան մարզական խումբերու թիւերուն, մարզիկ-մարզիկուհիներու համեմատութեան, կիրարկուած մարզաձեւերու տեսակներուն, սիրողական մարզական կեանքի զարգացման, համա-ՀՄԸՄ-ական եւ համահայկական խաղերու վերաբերող նիւթեր:

Երկու ժամուան քննարկումներէ ետք, համագումարին առաջին օրուան աշխատանքները վերջ գտան երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

Շաբաթ, 15 մայիսին, համագումարը երկու այլ նիստով կը քննարկէ առցանց խաղերու, «Հրաշք»-ի (յատուկ խնամքի կարօտ փոքրիկներու) խաղերու, համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու եւ կանոնագրութեան վերամշակման կապուած հարուստ օրակարգ:

 

 

 

Նախորդը

Ըմբիշներ Ասլանեան Եւ Մելիքեան Ողիմպիական Խաղերու Տոմս Ապահովեցին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կ՛որոշուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մրցակիցը

Յուլիս 9, 2025
Հեծելարշաւ.  Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր

Յուլիս 9, 2025
Ըմբշամարտ.  Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?