Նախորդ շաբաթավերջին «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Պարսելոնայի կրան փրին դարձեալ աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց «Ռետ-Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերսթափեն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Մերսետես»-ի երկրորդ վարորդը` Վալթերի Պոթթաս:
Այսպիսով, Հեմիլթըն յաջորդաբար հինգերորդ անգամ ըլլալով յաղթական դուրս եկաւ այս կրան փրիէն:
Նշենք, որ յաջորդ կրան փրին տեղի պիտի ունենայ 23 մայիսին, Մոնաքոյի մէջ: