Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականը երէկ` կիրակի, 9 մայիսին համալրուեցաւ եւս երկու մարզիկով:
Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային վարկանշային մրցաշարքին 60 քկ եւ 67 քկ դասակարգին մէջ, Արմէն Մելիքեան եւ Կարսեն Ասլանեան, հասնելով աւարտական հանգրուան, յաջողեցան ապահովել Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը:
Կիսաւարտականի մրցումներուն, Մելիքեան 5-2 արդիւնքով յաղթեց հարաւային քորէացի իր մրցակիցին, մինչ Ասլանեան` ֆրանսացի իր մրցակիցին:
Նշենք, որ անոնցմէ առաջ ողիմպիականի իրենց տոմսերը ապահոված էին Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն), Արթուր Ալեքսանեան, Կարապետ Չալեան (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ), Արսէն Յարութիւնեան, Վազգէն Թեւանեան (ազատ ոճի ըմբշամարտ) եւ Կորիւն Սողոմոնեան (կռփամարտ):