Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանը ներկայացնող աթլեթները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան, որուն ազդանշանը կը տրուի 5 յունիսին, Սան Մարինոյի մէջ:
Հայաստան այս ախոյեանութեան կը մասնակցի 12 մարզիկով:
Նշուեցաւ, որ Սան Մարինոյի մէջ հաւաքականին պիտի միանայ Երուանդ Մկրտչեան, որ պիտի մասնակցի վազքի մրցումներուն:
Ան Լեւոն Աղասեանի հետ 21 մայիսէն 3 յունիս ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ Յունաստանի Քալամանքա քաղաքին մէջ:



