Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա Տուպայ»-ի եւ գործակցութեամբ «Չեմփս Տուպայ»-ի, Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի իւրայատուկ մրցաշարք մը, «Պիթ Տը Խաթիպ Ուան Օն Ուան Չելընճ» անունին տակ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին երեսուն միջազգային անուանի մարզիկներ, որոնք առանձին-առանձին մրցեցան լիբանանցի անուանի եւ փորձառու մարզիկ Ֆետի Խաթիպի դէմ:
Անիկա տեղի ունեցաւ Տուպայի մէջ գտնուող «Չեմփս» մարզադաշտին վրայ` հսկողութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ֆետերասիոնին:
Առաջին դիրքը գրաւեց ֆրանսացի Մենտի Արիսթայտ:
Աւարտին տեղի ունեցած փակման մրցումին, Ֆետի Խաթիպ 9-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց նոյնինքն Արիսթայտի դէմ: