Արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ երէկ` կիրակի, 9 մայիսին Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Եուրի Ճորքայէֆի հետ:
Անդրադառնալով իր այս հանդիպումին` Աբրահամ ըսաւ. «Տեսակցեցայ անցեալի անուանի եւ աշխարհահռչակ ֆութպոլիստի մը հետ, որ իսկապէս հաճելի անձնաւորութիւն մըն է: Յարգա՛նք իրեն»:
Նշենք, որ 41 տարեկան Աբրահամ նախորդ յունուարին աւարտեց իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ան ընդամէնը կատարեց 53 մենամարտ` արձանագրելով 47 յաղթանակ եւ կրելով 6 պարտութիւն: