Երէկ` երկուշաբթի, 10 մայիսին, Արարատ-Ալաշկերտ մրցումով ազդանշանը տրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանին:
Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումի Ա. կիսախաղին կոլ չնշանակուեցաւ:
Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Բ. կիսախաղին, եւ երկու կազմերը իրարմէ բաժնուեցան` ճերմակ հաւասարութեամբ:
Այս մրցումէն ետք, այժմ Ալաշկերտ 37 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ Արարատ, որ ունի 36 կէտ, կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ: