Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 4-10 սեպտեմբեր 2021-ին, ռուսական Քազան քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու երիտասարդական խաղերու 3×3 պասքեթպոլի մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց երիտասարդական հաւաքականները:
Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու երիտասարդական խաղերուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ 15 այլ մարզաձեւեր, որոնց կարգին` պետմինթըն, կռփամարտ, ժիւտօ, քարաթէ, փինկ փոնկ, սամպօ, ֆութսալ, գեղարուեստական մարմնամարզութիւն եւ այլն: