Երէկ յետմիջօրէին Ճիւնիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Լիբանանի նորընծայ ախոյեան Անսար եւ Նըժմէ:
Անսար յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել, երբ փենալթիներով (3-1) յաղթեց իր մրցակիցին:
Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով:
Անսարի կոլը նշանակեց Նըժմէի նախկին մարզիկ Նատեր Մաթար (23-րդ), մինչ մրցումին 83-րդ վայրկեանին Նըժմէ նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Երկարաձգում տեղի չունեցաւ, եւ ուղղակի կատարուեցան փենալթի-ներու հարուածները:
Մրցումին աւարտէն ետք Անսար ստացաւ իր տիտղոսը` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարէն: