Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէա հրաժարեցաւ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով իր մրցումները շարունակել:
Թէեւ անոր այդ քայլին դիմելու պատճառը չյայտարարուեցաւ, սակայն կը կարծուի, որ անոր գլխաւոր պատճառը ըլլայ «Քորոնա»-ի համավարանկը:
Հիւսիսային Քորէա, որ ցարդ կատարած է զտումի հինգ մրցում, կը գրաւէ Ը. խմբակին 5-րդ դիրքը:
Նշենք, որ վերջերս անիկա հրաժարած էր մասնակցիլ նաեւ Թոքիոյի ամառնային ողիմպիական խաղերուն: