Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սփորթինկ Լիզպոն, 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Պոաւիսթային, իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 82 կէտ:
Ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, անիկա այսպիսով անհասանելի դարձաւ իր անմիջական մրցակիցին` Փորթոյի համար, որ ունի 74 կէտ:
Այսպիսով, 19 տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Սփորթինկ Լիզպոն տիրացաւ ախոյեանութեան տիտղոսին:
Անիկա 19-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ երկրի ֆութպոլի ախոյեան:
Պենֆիքա տիտղոսին տիրացած է 37 անգամ, իսկ Փորթօ` 29 անգամ: