Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 11 մայիսին ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը հիւսիսի մէջ հիւրը եղաւ Մութթահետ Թրիփոլիին:
Մրցումը վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին` Մութթահետի յաղթանակով, 97-73 արդիւնքով (26-20, 51-26, 79-51 եւ 97-73):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց ՀՄԸՄ-էն Քարլ Զալլում (28 կէտ), մինչ անոր խմբակից Քարիմ Ժատայել նշանակեց 21 կէտ:
Իսկ Մութթահետէն 24 կէտ նշանակեց Իպրահիմ Հատտատ:



