Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը կը ծրագրէ պաշտօնանկ ընել ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ռոնալտ Քէօմանը:
Կը կարծուի, որ ան պիտի չմնայ իր պաշտօնին վրայ, նոյնիսկ եթէ ան իր կազմին հետ հանդիսանայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան:
Պարսելոնա կը կարծէ, որ Քուման չի համապատասխաներ ակումբին երկարատեւ ծրագիրներուն:
Նետերլանտցի մարզիչը իր պաշտօնը ստանձնեց օգոստոս 2020-ին: