13 տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Արարատ-Երեւան դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիր, երբ աւարտական մրցումին Վարդան Բիչախչեանի գլխաւորած կազմը 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ալաշկերտի դէմ:
Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին իրաւարարները եղան ֆրանսացիներ:
Արարատէն տուպլէ մը իրագործեց փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Մորի Քոնէ, մինչ Աղուան Պապիկեան նշանակեց երրորդ կոլը: Ալաշկերտի ուշացած կոլը նշանակեց Միհրան Մանասեան:
Նշենք, որ նախապէս Արարատ Հայաստանի բաժակակիր դարձած էր հինգ անգամ (1993, 1994, 1995, 1997 եւ 2008):
Այս տարի տիտղոսը իր մօտ չկրցաւ պահել Նոա, որ կիսաւարտականին պարտուեցաւ Ալաշկերտէն: Նշենք, որ Ալաշկերտ Հայաստանի բաժակակիր դարձած է միայն մէկ անգամ` 2018-2019 տարեշրջանին:



