Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը ուքրանական Խարքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին գրաւեց երրորդ դիրքը:
Նշուեցաւ, որ բաւական յաջող ելոյթներ ունեցած են Դաւիթ Սաֆարեան (46 քկ), Արման Միսքարեան, Նարեկ Ներսիսեան (57 քկ) եւ Սուրէն Առաքելեան (70 քկ):
Անոնք իրենց կատարած 4 մենամարտերուն ընթացքին արձանագրեցին 3-ական յաղթանակ:



