«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ եւրոպական երկու կարեւորագոյն մրցաշարքերու, աւարտականի մրցումներուն իրաւարարները յստակացան:
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ սպանացի Անթոնիօ Միկել Մաթէու Լահոս:
29 մայիսին իրարու դէմ պիտի մրցին անգլիական երկու կազմեր` Մանչեսթըր Սիթի եւ Չելսի:
Ինչ կը վերաբերի «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի մրցումին, անոր կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ ֆրանսացի Քլեման Թուրփէն:
Վիարէալ-Մանչեսթըր Եունայթըտ աւարտական այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 մայիսին: