Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու ճակատումներ:
Ժիպէյլի մէջ գտնուող Միշել Սլէյմանի անուան համալիրին մէջ, Պիպլոս անակնկալի բերաւ իր հիւրը` Հուփսը` անոր դէմ արձանագրելով 72-69 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հուփսէն Եուսեֆ Ղանթուս (22 կէտ):
Իսկ Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ, որ հիւրընկալեց Աթլասը, արձանագրեց 92-65 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն Քարիմ Ազզէտտին տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (27 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Անոր խմբակից Ժոզեֆ Շարթունի նշանակեց 19 կէտ: