Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, հռոմեան տերպիի մրցումին յաղթականը եղաւ Ա. Էս. Ռոմա, որ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Լացիօ Ռոմային դէմ:
Մրցումին 42-րդ վայրկեանին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը:
Այսպիսով հայրենի ֆութպոլիստը կոլի հեղինակ կը դառնայ յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով:
Նախորդ երկու մրցումներուն ան կոլ նշանակած էր Քրոթոնէի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (5-0) եւ Ինթեր Միլանի դէմ իր կազմին կրած պարտութեան ընթացքին (3-1):
Նշենք, որ 32 տարեկան Մխիթարեան այսպիսով Իտալիոյ ախոյեանութեան ընթացքին նշանակեց իր 12-րդ կոլը, 11 էսիսթի կողքին:
Մխիթարեան այսպիսով անձնական մրցանիշ մը հաստատեց Եւրոպայի հինգ առաջնակարգ ախոյեանութիւններուն գծով` նկատի ունենալով, որ ան ցարդ 12 կոլ չէր նշանակած:
Վերջին հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին, այժմ Ա. Էս. Ռոմա, որ 61 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը, յառաջիկայ տարեշրջանին դուրս մնացած է եւրոպական մրցաշարքերէն: