Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան շատ հաւանական է, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:
Ըստ ղազախական մամուլին, հայրենի ֆութպոլիստը կրնայ միանալ սպանական Քատիսի, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Լա Լիկա»-ի մրցումներուն:
Վերոնշեալ ակումբէն բացի, այլ ակումբներ ալ հետաքրքրուած են Հարոյեանով:
Նշենք, որ նախորդ ձմրան ան ղազախական Ասթանայէն հեռանալով միացաւ ռուսական Թոպոլ Քոսթանային:
Ան իր մասնակցութիւնը բերելով 8 մրցումի, կատարեց էսիսթ մը: