Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Թոմաս Միւլըր, որ աջ ոտքի վնասուածք ստացաւ, բացակայեցաւ Եոաքիմ Լոյեւի գլխաւորած կազմին երէկուան փորձերէն:
Գերմանական «Պիլտ» մարզական օրաթերթը տեղեկացուց, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել խմբային հանգրուանին գծով տեղի ունենալիք վերջին մրցումին, ուր անոր կազմը պիտի մրցի Հունգարիոյ դէմ:
Գերմանիա-Հունգարիա մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր:
Այժմ Զ. խմբակին առաջին դիրքը կը գրաւէ Ֆրանսա` 4 կէտով:
Գերմանիա եւ Փորթուգալ ունին 3-ական կէտ, մինչ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Հունգարիա ունի միայն կէտ մը: