Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Փորթուգալի իր հասակակիցներուն դէմ:
Այդ երկու մրցումները, որոնք պիտի կատարուին Փորթուգալի մէջ, տեղի պիտի ունենան 28 եւ 30 յունիսին:
Բարեկամական այդ երկու մրցումներուն պատրաստուելու համար, Մհեր Միրումեանի գլխաւորած խումբը 23-25 յունիսին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Այս մարզական հաւաքէն ետք, Միրումեան պիտի հրապարակէ իր վերջնական կազմը, որ պիտի մեկնի Փորթուգալ: