Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու հանդիպումներ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Մթայլեպին, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 75-65 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իսկ երկրորդ մրցումին, Ռիատի Պէյրութ յաղթեց Հուփսին (78-40):
Առաջին քորթըրին ՀՄԸՄ յաղթեց 17-12 արդիւնքով, իսկ երկրորդին` 32-29 արդիւնքով:
Երրորդ քորթըրը եւս եղաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն (52-48), մինչ չորրորդը աւարտեցաւ 64-64 արդիւնքով հաւասարութեամբ:
Երկարաձգման ընթացքին ՀՄԸՄ նշանակեց 11 կէտ, մինչ Մթայլեպ` միայն կէտ մը:
ԱՅԼ գետնի վրայ երէկ իր աւարտին հասաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը եւ յստակացան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն մասնակցող չորս խումբերը:
Առաջին դիրքը գրաւած Ռիատի Պէյրութ կը մրցի երրորդ դիրքը գրաւած Սաժես Պէյրութի դէմ, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւած Շանվիլ` չորրորդ հանդիսացած Աթլասի դէմ: