Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 21 յունիսին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Անիպալ Զահլէն:
Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 89-68 արդիւնքով (10-10, 39-20, 58-40 եւ 89-68):
ՀՄԸՄ-էն Սէրուժ Աւետիսեան նշանակեց 15 կէտ, Քարլօ Ահարոնեան` 4 կէտ, Նարեկ Շաննաքեան` 3 կէտ: Իսկ ՀՄԸՄ-էն թրիփըլ տապըլ իրագործեցին Քարլ Զալլում (11 կէտ, 13 ռիպաունտ, 11 էսիսթ) եւ Քերիմ Ժատայել (16 կէտ, 17 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Նշենք, որ այս յաղթանակը ՀՄԸՄ-ի կազմին համար եղաւ տարեշրջանի երրորդը, 15 պարտութեան կողքին:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապիհ Մասրի, Ճենիֆըր Ամմուրի եւ Սերճիօ Քասսապ: