Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը ապահովեց իր երկրորդ մետալը, այս մասին երէկ յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
81 քկ դասակարգին մէջ Համբարձում Յակոբեան, որ քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 4-1 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի իր մրցակիցին` Պեննոսա Էնիշին, նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը ապահովեց:
Նշենք, որ նախանցեալ օր նոյնը իրագործած էր նաեւ 56 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Արթուր Բազէեան: