Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականը երէկ համալրուեցաւ նոր անդամով մը:
Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնը ներկայացուց Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն մասնակիցներուն անունները, որոնց կարգին է նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Կարապետեան, որ ելոյթ կ՛ունենայ 73 քկ դասակարգին մէջ:
Նախքան Կարապետեանի անունին աւելնալը, Հայաստանի համար ողիմպիականի տոմս ապահոված էին հետեւեալ 13 մարզիկները.
Մարմնամարզիկ` Արթուր Դաւթեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ` Արթուր Ալեքսանեան, Կարապետ Չալեան, Արմէն Մելիքեան, Կարէն Ասլանեան, ազատ ոճի ըմբիշներ` Արսէն Յարութիւնեան, Վազգէն Թեւանեան, կռփամարտիկներ` Կորիւն Սողոմոնեան, Արման Դարչինեան, երեք քայլ ոստումի մասնակցող` Լեւոն Աղասեան, նշանառու` Էլմիրա Կարապետեան, ծանրաբարձներ` Սիմոն Մարտիրոսեան եւ Իզապելլա Եայլեան: