Քաթարի վարչապետ Խալետ Պըն Խալիֆա Պըն Ապտել Ազիզ Թանի ստորագրեց պաշտօնական հրամանագիր մը, որուն համաձայն, 2022-ի Մոնտիալին «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ ստացած համակիրներն են միայն, որոնք կրնան Քաթար մուտք գործել` մրցումներուն ներկայ գտնուելու համար:
Աշխարհի ֆութպոլի այս ախոյեանութեան մեկնարկը տրուելուն թէեւ շատ ժամանակ կայ, սակայն Քաթարի վարչապետը այժմէն իսկ եկաւ այդ որոշումը ֆութպոլասէր ամբողջ հասարակութեան ուշադրութեան յանձնելու:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր 2022-ին: