Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, երկրին երկու անուանի կազմերը` Ա. Սէ. Միլան եւ Եուվենթուս, մեծ աշխատանք կը տանին իրենց կազմին միացնելու Ա. Էս. Ռոմայի 35 տարեկան յառաջապահ Էտին Ծեքոն:
Պոսնիացի յառաջապահին պայմանագրութիւնը Ա. Էս. Ռոմայի հետ նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2022:
Սակայն հակառակ ատոր, հռոմեան կազմի նոր նշանակուած մարզիչ, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ այնպէս կը թուի, որ յառաջիկայ տարեշրջանին գծով չ՛ուզեր նկատի առնել Ծեքոն:
Կը նախատեսուի, որ Ա. Էս. Ռոմա իր համաձայնագիրը խզէ անոր հետ, որպէսզի կը ստանայ 7,5 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 4 միլիոն եւրոյով:
2015-ին Ա. Էս. Ռոմային միացած Ծեքօ նախորդ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերաւ ֆութպոլի 38 մրցումի, նշանակեց 13 կոլ եւ կատարեց 4 էսիսթ: