Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, նախորդ շաբաթավերջին «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ Ասիոյ թեքուանտոյի ախոյեանութիւնը:
Նշենք, որ Լիբանան երրորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէր այս ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան ընթացքին լիբանանցի մարզիկները տիրացան 18 մետալի:
Անոր վերջին օրը պրոնզէ մետալներու տիրացան Աննա Հատտատ (49 քկ) եւ Մարելլա Պու Հապիպ (53 քկ):
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 38 երկիրներէ 270 երկսեռ մարզիկներ:
Կատարուեցան 16 տարբեր դասակարգերու մրցումներ (տղաք եւ աղջիկներ):
Նախքան պաշտօնական փակումը, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը եւ յուշանուէրներու փոխանակումը: